Booktime-ը արտադրութիւն մըն է, տրամադրուած՝ Hindawi Հիմնարկութեան կողմէ: Այս փաստաթուղթի մնացեալ մասերուն մէջ, Hindawi Հիմնարկութեան այս արտադրութիւնը նշելու համար՝ պիտի գործածենք Booktime-ը:
Այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը Ի՞նչ Կը Ներառէ
Այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը կը բացատրէ, թէ Booktime-ը ինչպէ՛ս պիտի հաւաքէ եւ օգտագործէ անձնական տեղեկութիւնները՝ սոյն Քաղաքականութեան հետ կապուած արտադրութիւններուն եւ ծառայութիւններուն առնչութեամբ։ Այս արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները սոյն Քաղաքականութեան մնացեալ հատուածին մէջ պիտի յիշատակուին որպէս մեր «Ծառայութիւնները»։
Մեր Ծառայութիւնները կրնան գործածուիլ ուսումնական ծառայութիւններ մատուցողներու կողմէ, ինչպէս՝ դպրոցներ, համալսարաններ, կրթական մարմիններ, ուսուցիչներ, դասատուներ եւ այլք (սոյն Քաղաքականութեան մէջ՝ անոնք հաւաքաբար պիտի յիշատակուին իբրեւ «Կազմակերպութիւններ»)։ Մեր Ծառայութիւնները նաեւ կրնան գործածուիլ անհատներու կողմէ, ինչպէս՝ աշակերտներ, երեխաներ, ծնողներ եւ ընտանիքներ (սոյն Քաղաքականութեան մէջ հաւաքաբար պիտի յիշատակուին իբրեւ «Անհատներ»)։
Այս Քաղաքականութեան մէջ «Օգտատէր»ը՝ կը սահմանուի որպէս որեւէ անձ, որ կ՚օգտուի Booktime-ի Ծառայութիւններէն, եւ կը ներառէ Booktime-ի Ծառայութիւններուն բաժանորդագրուած Կազմակերպութիւններու աշխատակիցներն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ այն Անհատները, որոնք անձնապէս բաժանորդագրուած են Booktime-ի Ծառայութիւններուն։ Իւրաքանչիւր պարագայի, մեր Ծառայութիւնները մատուցելու նպատակով: կրնայ ըլլալ, որ պէտք ունենանք «Օգտատիրոջ Տուեալներ» (այստեղ սահմանուած՝ որպէս Օգտատէրերու վերաբերող որեւէ անձնական տեղեկութիւն կամ տուեալ, որ կը հաւաքուի Booktime-ի կողմէ կամ անոր անունով) հաւաքելու։
Սոյն Քաղաքականութիւնը կը բացայայտէ, թէ Booktime-ը՝ որպէս տուեալներու մշակող, ինչպէ՛ս կը տնօրինէ Օգտատիրոջ Տուեալները՝ իր Ծառայութիւնները Կազմակերպութիւններուն մատուցելու ընթացքին: Ան նաեւ կը բացայայտէ, թէ Booktime-ը, որպէս տուեալներու վերահսկող՝ ինչպէ՛ս կը տնօրինէ Օգտատիրոջ Տուեալները՝ իր Ծառայութիւնները Անհատներուն մատուցելու ընթացքին:
Booktime-ի Յանձնառութիւնը
Մենք յանձնառու ենք օգտատէրերու իրաւունքները պաշտպանելու՝ Միացեալ Թագաւորութեան 2018 թուականի «Տուեալներու պաշտպանութեան մասին» օրէնքի սահմանած կարգով (UK Data Protection Act 2018) եւ Միացեալ Թագաւորութեան «Տուեալներու պաշտպանութեան ընդհանուր կանոնակարգով» (UK GDPR), ինչպէս նաեւ հետեւելով Գաղտնիութեան հետեւեալ Սկզբունքներուն.-
- Ձեզի համար ստեղծել ապահով եւ անվտանգ թուային միջավայր մը,
- Ձեր անձնական տեղեկութիւնները չբաժնեկցիլ կամ չվաճառել այնպիսի երրորդ կողմերու, որոնք ուղղակիօրէն չեն մասնակցիր Booktime-ի Ծառայութիւններու մատուցման (բացի եթէ պարտադրուած ըլլանք այդ կատարելու՝ օրէնքի հարկադրանքին ենթարկուելով),
- Ձեզի ընձեռնել ձեր տրամադրած տեղեկութիւններու հասանելիութիւնն ու զանոնք վերահսկելու կարելիութիւնը,
- Booktime-ի Ծառայութիւններուն վրայ՝ արտաքին որեւէ ծանուցում չցուցադրել:
Մենք կը համարենք, որ մեր հաւաքած Օգտատէրերու բոլոր Տուեալները խիստ գաղտնի են։ Ընդհանուր առմամբ, մենք նման տուեալներ չենք գործածեր՝ մեր Ծառայութիւնները բարելաւելու եւ զանոնք Օգտատէրերուն մատուցելու մեր նպատակներէն դուրս։ Օգտատէրերու Տուեալներու մեր հաւաքագրումը, օգտագործումը եւ բաժնեկցումը կը տնօրինուին մեր Ծառայութիւններուն բաժանորդագրուած Անհատին կողմէ։
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Հաշիւս Տրամադրուած Է Կազմակերպութեան Մը Կողմէ
Եթէ Booktime-ի Ծառայութիւններուն ձեր հասանելիութիւնը տրամադրուած է Կազմակերպութեան մը կողմէ, ապա այդ Կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ տուեալներու վերահսկողը՝ Ծառայութիւններու միջոցով վերբեռնուած կամ հասանելի դարձած Օգտատիրոջ որեւէ Տուեալի համար։ Կազմակերպութիւնը պատասխանատու է ապահովելու, որ ինք ունի նման տուեալներու մշակման համար անհրաժեշտ իրաւական հիմքը։ Booktime-ը կրնայ, որպէս տուեալներու մշակող՝ այդ տուեալները մշակել յանուն այդ Կազմակերպութեան։
Booktime-ը Օգտատէրերու Ինչպիսի՞ Տուեալներ Կը Հաւաքէ եւ Կը Պահէ
Մեր Ծառայութիւնները արդիւնաւէտ կերպով մատուցելու համար, Booktime-ը պէտք է հաւաքէ եւ պահպանէ շարք մը տեղեկութիւններ (Օգտատիրոջ Տուեալներ)։
Բաժանորդագրուելով մեր Ծառայութիւններուն՝ դուք համաձայնութիւնը կու տաք, որ Booktime-ը պահէ ու մշակէ ձեզի վերաբերող հետեւեալ տեղեկութիւնները.-
- Անուն և Մականուն,
- Ե-նամակի հասցէ,
- Բնակութեան երկիր,
- Հեռաձայնի թիւ (ինքնութեան վաւերացման եւ SMS ծանուցագիրերու համար),
- Booktime-ի Ծառայութիւններու գործածութեան տուեալներ, օրինակ՝ ձեր այցելած էջերը եւ ձեր կատարած քայլերը,
- Կրթական բնոյթի տուեալներ, օրինակ՝ լեզուն,
- Որոշ պարագաներուն, Կազմակերպութիւններու գործածած Ծառայութիւններուն համար՝ այլ տուեալներ կրնան հաւաքուիլ, օրինակ՝ երբ դպրոց մը կը գործածէ ընդունելութեան մեր համակարգը: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար՝ հաճեցէք դիմել ձեր Կազմակերպութեան:
Կազմակերպութիւններու պատասխանատուութիւնն է ապահովելը, որ Ծառայութիւններու վրայ վերբեռնուած որեւէ տեղեկութիւն ճշգրիտ ըլլայ: Booktime-ի Ծառայութիւնները գործածող վարչական պատասխանատուները, ուսուցիչները եւ դասատուները կրնան Օգտատիրոջ Տուեալներ ստեղծել նոյնպէս։ Օրինակի համար՝ Booktime-ի Ծառայութիւնները կրնան հետեւիլ սորվողներու տուեալներուն, ինչպիսիք են՝ կարդալու արագութիւնը, բառերու որոնումը, գիրքերու հանդէպ անոնց արձագանգները, ընթերցանութեան մակարդակը, լեզուն, եւ աւելին։ Այս տուեալները, Booktime-ի որոշ Ծառայութիւններու մէջ՝ կրնան զեկոյցներու վերածուիլ։ Booktime-ը պատասխանատուութիւն չի կրեր Օգտատէրերու կողմէն նման տուեալներու հրապարակման կամ բացայայտման առումներով։
Booktime-ի որոշ Ծառայութիւններու հաւաքելիք տուեալներու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, հաճեցէ՛ք կապ հաստատել [email protected] ե-նամակի հասցէով։
Booktime-ի Ծառայութիւնները Ինչպէ՞ս Կը Հաւաքեն Օգտատէրերու Տուեալները
Մենք կը հաւաքենք ձեր Օգտատիրոջ Տուեալները կազմող տեղեկութիւնները, երբ.-
- Դուք, կամ ձեր Կազմակերպութիւնը, ձեր տեղեկութիւնները կը բաժնեկցիք մեզի հետ՝ արձանագրուելով մեր Ծառայութիւններուն կամ գործածելով զանոնք,
- Դուք կապ կը հաստատէք մեզի հետ, ելեքտրոնային կամ ոչ-ելեքտրոնային միջոցներով,
- Դուք կը բանաք մեր ուղարկած ե-նամակները, կամ կը գործածէք մեր կայքէջը, բջիջային յաւելուածները կամ այլ Ծառայութիւնները։ Այս տեղեկութիւնները կը հաւաքագրուին քուքիներու միջոցով։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ կը խնդրենք, որ կարդաք մեր Քուքիներու Քաղաքականութիւնը։
Մենք Google Analytics կը գործածենք՝ տեղեկութիւններ հաւաքելու, ու զանոնք վերահսկելու եւ վերլուծելու նպատակներ հետապնդելով։ Google-ը ունի իր սեփական գաղտնիութեան քաղաքականութիւնը, որուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ հասցէով՝
https://policies.google.com/privacy։
Google Analytics-ը տուեալներ կը հաւաքէ ժողովրդագրութեան, վարքագիծի եւ կայքէջերու գործածութեան հետ առնչուած:
Մենք կը գործածենք նաեւ Meta-ի Ծառայութիւնները (օրինակի համար՝ ծանուցումները, եւ ընկերային ցանցերու միջոցով մուտք գործելու համակարգը)։ Անոր գաղտնիութեան քաղաքականութեան կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ հասցէով՝
https://web.facebook.com/about/privacy/։
Meta-ն կը հաւաքէ անձնական տուեալներ, գործունէութեան վերաբերեալ տուեալներ, սարքի տեղեկութիւններ, տեղի ու վայրի տուեալներ, եւ բովանդակութեան հետ շփումներու մասին տեղեկութիւններ։ Meta-ի կողմէ ձեր տուեալներու հաւաքագրումէն հրաժարելու համար, հաճեցէ՛ք այցելել Meta-ի գաղտնիութեան կեդրոնը, ուր դուք պիտի կարենաք տնօրինել ձեր տուեալներու հաւաքագրումն ու օգտագործումը։
Booktime-ը Որո՞նց Հետ Կը Բաժնեկցի Տուեալներս
Մենք որեւէ Օգտատիրոջ Տուեալ չենք վաճառեր: Մենք նաեւ չենք բաժնեկցիր Օգտատիրոջ որեւէ Տուեալ որեւէ երրորդ կողմի հետ, որ ուղղակիօրէն ներգրաւուած չէ Booktime-ի Ծառայութիւններու մատուցման մէջ, բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ օրէնքը կը պահանջէ նման քայլի մը դիմելը:
Booktime-ը Օգտատէրերու Տուեալները կրնայ հրապարակել, եթէ բարեհաւատութեամբ համոզուած ըլլայ, որ նման տեղեկութիւններու հասանելիութիւնը, օգտագործումը, պահպանումը կամ բացայայտումը բանականօրէն անհրաժեշտ է, հետեւեալ նպատակներուն համար.-
- Բաւարարելու որեւէ կիրարկելի օրէնք, կանոնակարգ, իրաւական գործընթաց կամ կառավարական պարտադիր պահանջ,
- Գործադրելու Ծառայութեան կիրարկելի Պայմանները, ներառեալ՝ անոնց հնարաւոր խախտումներու հետաքննութիւնը,
- Բացայայտելու, կանխարգելելու կամ այլ կերպ լուծելու խարդախութեան, անվտանգութեան կամ թեքնիք խնդիրները,
- Պաշտպանելու Booktime-ի, անոր օգտատէրերուն կամ հանրութեան իրաւունքները, սեփականութիւնը կամ անվտանգութիւնը՝ անոնց սպառնացող մօտալուտ վնասներէն, ըստ օրէնքի պահանջներուն եւ թոյլտուութեան։
Մենք կը գործածենք համախմբուած, անուններէ զերծ տուեալներ՝ վերլուծելու համար, թէ մեր Օգտատէրերը ինչպէ՛ս կ՚օգտագործեն մեր Ծառայութիւնները՝ զանոնք բարելաւելու եւ նոր Ծառայութիւններ ստեղծելու նպատակով։ Այս գործընթացի ընթացքին՝ մենք կ՚ապահովենք, որ անձը բնորոշող բոլոր ուղղակի տուեալները հեռացուին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ տուեալները այլեւս չեն համարուիր անհատականացուած՝ տուեալներու գաղտնիութեան կանոնակարգերու առումներով։
Ո՞ր Օրէնքներուն Եւ Կանոնակարգերուն Կը Հետեւի Booktime-ը՝ Տուեալներուս Հետ Աշխատելու Ընթացքին
Երբ դուք բաժանորդագրուիք Booktime-ի Ծառայութիւններուն, կամ մենք կապ կը հաստատենք ձեզի հետ շուկայավարական նպատակներով՝ մենք կը գործենք որպէս «տուեալներու վերահսկող» մը։ Հետեւելով Եւրոպական «Տուեալներու Պաշտպանութեան Ընդհանուր Կանոնակարգին» (GDPR)՝ մենք պարտաւոր ենք ձեզ տեղեակ պահել՝ ձեր Օգտատիրոջ Տուեալներու մշակման իրաւական հիմքերուն մասին։ Մենք կրնանք Օգտատիրոջ Տուեալները գործածել.-
- Ձեզի հետ պայմանագիր կնքելու համար (օրինակ՝ երբ դուք կը բաժանորդագրուիք Booktime-ի Ծառայութիւններուն),
- Մեր իրաւական պարտաւորութիւնները կատարելու համար (օրինակ՝ այն պարագային, երբ մենք պարտաւոր ըլլանք որոշ ձեւով մը զեկուցելու, բաժնեկցելու կամ արխիւացնելու ձեր անձնական տեղեկութիւնները),
- Գործարարական շարք մը նպատակներու համար, որոնք կը բխին մեր օրինական շահերէն՝ Ծառայութիւնները մատուցողի մեր հանգամանքէն ելլելով,
- Ձեր համաձայնութեամբ (օրինակ՝ երբ մենք յատկապէս ձեր համաձայնութիւնը կը խնդրենք՝ ձեր Օգտատիրոջ Տուեալները որոշ եղանակով մը գործածելու համար)։
Երբ մենք Օգտատիրոջ Տուեալները կը մշակենք յանուն Կազմակերպութեան մը, ապա՝ տուեալ Կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ տուեալներու վերահսկողը եւ իրաւական հիմք պիտի ստեղծէ ձեր Օգտատիրոջ Տուեալներու մշակման համար։ Եթէ այս հարցին վերաբերեալ որեւէ հարցում ունիք՝ կը խնդրենք, որ կապ հաստատէք այն Կազմակերպութեան հետ, որ ձեզի տրամադրած է Booktime-ի Ծառայութիւններու գործածութիւնը, ձեր կողմէ հանդէս գալով։
Արդեօք Booktime-ը Ինծի Պիտի Ուղարկէ՞ Ծանուցումային Հաղորդակցութիւններ, Եւ Ինչպէ՞ս Կրնամ Հրաժարիլ Անոնցմէ
Մեր Ծառայութիւններու Օգտատէրերուն տրամադրած կապի տուեալները մենք կրնանք գործածել՝ զանոնք Booktime-ի առաջարկած այլ Ծառայութիւններու մասին տեղեկացնելու նպատակով, բացի եթէ Օգտատէրը որոշէ հրաժարիլ այդ տեղեկութիւններէն:
Ծանուցումներու հաղորդակցութիւններ պիտի չուղարկուին ոեւէ Օգտատիրոջ՝ որ հրաժարած է զանոնք ստանալէ։ Օգտատէրերը կրնան որեւէ պահուն հրաժարիլ ծանուցումներու հաղորդակցութիւններ ստանալէ։ Booktime-ի կողմէ ուղարկուած բոլոր ծանուցումներու հաղորդակցութիւնները՝ իրենց վերջաւորութեան պիտի պարունակեն «Բաժանորդագրութեան չեղարկման» յղում մը։
Ինչպէ՞ս Կրնամ Օգնել՝ Տուեալներս Ապահով Պահելու Համար
Օգտատիրոջ ձեր Տուեալներու ապահովութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար։ Մենք անվտանգութեան պատշաճ միջոցառումներու կը դիմենք՝ առանց իրաւասութեան մուտքը արգիլելու համար, եւ ստուգելու ձեր ինքնութիւնը՝ ձեր հաշիւին մուտքի արտօնութիւն չտուած կամ ձեր տեղեկութիւններուն մէջ ուղղումներ չկատարած։
Խորհուրդ կու տանք, որ ուժեղ գաղտնաբառ մը ստեղծէք ու զայն պահպանէք՝ ձեր հաշիւին անվտանգութիւնը ապահովելու համար, եւ զայն ուրիշներուն հետ երբեք չբաժնեկցիք: Նաեւ՝ կը յորդորենք, որ մեր Ծառայութիւններէն օգտուիք միայն ապահով ցանցերու ընդմէջէն, եւ համացանցային անվտանգութեան եւ հակաժահրային պաշտպանութեան արդիական համակարգեր տեղադրէք ա՛յն սարքերուն վրայ, որոնց միջոցաւ մուտք կը գործէք մեր Ծառայութիւններ: Կը խնդրենք, որ անմիջապէս փոխէք ձեր գաղտնաբառը՝ եթէ կասկածիք, որ տուեալներու խախտում մը տեղի ունեցած է, կամ՝ եթէ անվտանգութեան հետ կապուած մտահոգութիւններ ունենաք, եւ մեզի հետ կապ հաստատէք՝ [email protected] ե-նամակի հասցէով:
Եթէ Օգտատիրոջ Տուեալները անպատշաճ ձեւով հաւաքուին կամ սխալ կերպով գործածուին՝ սոյն Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը խախտուած կը համարուի։ Կը խնդրենք, որ այս մասին զեկուցէք [email protected] հասցէով։
Կազմակերպութիւն յաճախորդները եւ անոնց Օգտատէրերը պէտք չէ սխալ կերպով գործածեն Ծառայութիւններու միջոցով հասանելի Օգտատիրոջ որեւէ Տուեալ, կամ հաւաքեն Օգտատիրոջ Տուեալները ձեռքով, կամ կիսա-ինքնագործ կամ ինքնագործ եղանակներով։
Եթէ վերահասու ըլլանք, որ ոեւէ Անհատ կամ որեւէ Կազմակերպութիւն (անոր Օգտատէրերը ներառեալ) կը խախտէ սոյն Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը, կամ մեր օգտագործման Պայմաններն ու Դրոյթները՝ մենք կրնանք անմիջապէս, եւ առանց նախապէս տեղեակ պահելու՝ դադրեցնել այդ Անհատի կամ Կազմակերպութեան մեր Ծառայութիւններ մուտքը։
Booktime-ը Որքա՞ն Ժամանակի Համար Պիտի Պահէ Տուեալներս
Մենք պիտի պահենք ձեր Օգտատիրոջ Տուեալները` ձեր Booktime-ի յաճախորդ ըլլալու տեւողութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող որեւէ ժամանակահատուածի տեւողութեան՝ երբ ձեր տուեալներու մշակումը անհրաժեշտ է մեր Ծառայութիւններու լիարժէք մատուցման առումով, բացի եթէ օրէնքը այդ պահպանման համար աւելի երկար ժամանակ պահանջէ կամ թոյլատրէ։
Տուեալներս Այլ Երկիր Պիտի Ուղարկուի՞ն
Մենք մեր Ծառայութիւնները կը մատուցենք միջազգային գետնի վրայ։ Համաձայն Տուեալներու Պաշտպանութեան Ընդհանուր Կանոնակարգի (GDPR) պահանջներուն՝ ծառայութիւն մատուցող բոլոր կողմերը կ՚ենթարկուին պարբերական ստուգումներու՝ հաստատելու համար, որ անոնք կը համապատասխանեն GDPR-ի պահանջներուն եւ հիմնականօրէն կը հետեւին Booktime-ի Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան։
Ծառայութիւնը մատուցելու համար՝ մենք կ՚օգտագործենք շարք մը երրորդ կողմի տուեալներու մշակողներ, որոնք պայմանագրային պարտաւորութիւններ ստանձնած են՝ գործադրելու սոյն փաստաթուղթին մէջ նկարագրուած Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը։
Ձեր տեղեկութիւնները, անհատական Օգտատիրոջ Տուեալները ներառեալ՝ կրնան փոխանցուիլ (եւ պահպանուիլ) ձեր պետական, նահանգային կամ կառավարական այլ իշխանութեանց սահմաններէն դուրս գտնուող համակարգիչներու վրայ, ուր տուեալներու պաշտպանութեան օրէնքները կրնան տարբեր ըլլալ ձեր գտնուած վայրի օրինական իշխանութեան օրէնքներէն։ Ասիկա կը ներառէ Եւրոպական Միութեան սահմաններէն դուրս գտնուող տարածքները։ GDPR-ի ենթակայութիւնը ապահովելու համար՝ Booktime-ը, անհրաժեշտութեան պարագային՝ կը կիրարկէ հիմնաչափ պայմանագրային դրոյթներ։ Օրինակի համար՝ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող ընկերութիւնները արձանագրուած են «Գաղտնիութեան Վահան» համակարգին մէջ։
Այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մասին ձեր համաձայնութիւնը, եւ անոր յաջորդող նմանատիպ տեղեկութիւններու ձեր փոխանցումը՝ կը ներկայացնէ այդ տուեալներու փոխանցման մասին ձեր համաձայնութիւնը։ Եթէ տուեալներու միջազգային փոխանցման հետ կապուած որեւէ վէճ մը ծագի՝ դուք կը համաձայնիք, որ Անգլիոյ եւ Կալէսի դատարանները պիտի ունենան տուեալ հարցի նկատմամբ բացարձակ իրաւասութիւնը։
Ի՞նչ Կը Պատահի, Եթէ Տարիքս 18-էն Նուազ Է
Մենք կը մատուցենք Ծառայութիւններ՝ ուղղուած 18 տարեկանէն վար Օգտատէրերուն։ Մենք առաւելագոյն խնամք կը տանինք՝ այդ Օգտատէրերէն խնդրելու միայն մեր Ծառայութիւններու մատուցման համար անհրաժեշտ եղած տեղեկութիւնները։
Եթէ ձեր տարիքը 18-էն նուազ է եւ որեւէ հարց ունիք կապուած ձեր Օգտատիրոջ Տուեալներուն հետ, եւ մեր Ծառայութիւններուն անոնց օգտագործման եղանակին մասին՝ խորհուրդ կու տանք, որ դիմէք ձեր ծնողին կամ օրինական խնամակալին, կամ այն Կազմակերպութեան՝ որուն միջոցով դասաւորուած է դէպի մեր Ծառայութիւններ ձեր մուտքը։
Ի՞նչ Են Օգտատիրոջ Տուեալներու Վերաբերող Իրաւունքներս
Որոշ տարածաշրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Եւրոպական Տնտեսական Գօտին (EEA), դուք կրնաք յատուկ իրաւունքներ ունենալ՝ ձեր Օգտատիրոջ Տուեալներու առումով։ Ասիկա կը ներառէ ձեր անձնական տեղեկութիւնները թարմացնելու եւ ուղղելու, ըստ պահանջի՝ ձեր տուեալներու պատճէնը ստանալու, ինչպէս նաեւ ձեր տուեալները ջնջելու իրաւունքը, եթէ մեզի համար այլեւս էական չէ զանոնք պահելը՝ ա՛յն նպատակներու իրագործման համար, որոնց համար անոնք նախապէս հաւաքուած էին։ Դուք նաեւ կրնաք պահանջել ձեր տուեալներու մշակման սահմանափակումը, եւ այդ պարագային՝ կրնայ ըլլալ, որ մենք այլեւս ի վիճակի չըլլանք մեր Ծառայութիւնները մատուցելու ձեզի։
Եթէ դուք մուտք կը գործէք Booktime-ի Ծառայութիւններ՝ ձեր Կազմակերպութեան միջոցով, եւ հարցումներ կամ մտահոգութիւններ ունիք՝ կը խնդրենք, որ կապ հաստատէք տուեալ Կազմակերպութեան տնօրէնութեան հետ։ Եթէ դուք ուղղակի բաժանորդագրուած էք Booktime-ի Ծառայութիւններուն, որպէս Անհատ յաճախորդ՝ ապա կրնաք կապուիլ մեզի հետ ձեր հարցով՝ գործածելով այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան վերջաւորութեան տրուած կապի տուեալները։ Մենք պիտի քննարկենք եւ ընթացք տանք որեւէ հարցի՝ ըստ տուեալներու պաշտպանութեան կիրարկելի օրէնքներուն։
Եթէ դուք՝ անձնապէս, կամ ձեր ծնողը կամ խնամակալը կ՚օգտուիք Booktime-ի Ծառայութիւններէն, եւ դժգոհ էք գաղտնիութեան հետ կապուած մեր գործելակերպէն, կրնաք իրաւունք ունենալ բողոք ներկայացնելու Տեղեկատուութեան Յանձնակատարին՝ եթէ կը գտնուիք Միացեալ Թագաւորութեան մէջ, կամ տուեալներու պաշտպանութեան ձեր տեղական վերահսկող մարմինին։
Տուեալներու Ջնջում
Այն Օգտատէրերը, որոնք կը փափաքին ջնջել իրենց անձնական տուեալները՝ կրնան այդ գործողութիւնը կատարել Booktime յաւելուածին ընդմէջէն։ Ձեր հաշիւը եւ բոլոր կապակցուած տուեալները ջնջելու համար.-
- Գացէք «Իմ Հաշիւը»։
- Գացէք «Կառավարել Հաշիւը»։
- Ընտրեցէք «Վերջնականապէս Ջնջել Հաշիւը»։
- Ընտրեցէք «Ջնջել Հաշիւը»։
Սեղմելով «Ջնջել հաշիւը» կոճակը՝ Օգտատիրոջ բոլոր Տուեալները վերջնականապէս պիտի ջնջուին, ներառեալ՝ ներբեռնուած որեւէ գիրքի մուտքի կարելիութիւնը։
Օգտատիրոջ տուեալները պիտի ջնջուին անմիջապէս, բացի այն պարագաներուն՝ երբ այլ բան նախատեսուած է օրէնքով։
Այլապէս, Օգտատէրերը կրնան տուեալներու ջնջումը խնդրել՝ մեզի հետ կապ հաստատելով [email protected] ե-նամակի հասցէով։ Ըստ այնմ, մենք պիտի ընթացք տանք այդ խնդրանքին։
Փոփոխութիւններ Պիտի Կատարե՞նք Այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան Մէջ
Ժամանակ առ ժամանակ՝ մենք կրնանք փոփոխութիւններ կատարել այս Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մէջ։ Միշտ յստակօրէն պիտի նշենք վերջին թարմացման թուականը։
Ինչպէ՞ս Կրնամ Կապ Հաստատել Booktime-ի Հետ
Եթէ որեւէ հարցում ունիք մեր Գաղտնիութեան Քաղաքականութեան մասին՝ հաճեցէք կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով.-
Hindawi Հիմնարկութիւն
York House
41 Sheet Street
Windsor
SL4 1DD
+44 (0) 7778002355
Ե-նամակի հասցէ՝
[email protected]