Booktime-ը արտադրութիւն մըն է, տրամադրուած՝ Hindawi Հիմնարկութեան կողմէ: Այս փաստաթուղթի մնացեալ մասերուն մէջ, Hindawi Հիմնարկութեան այս արտադրութիւնը նշելու համար՝ պիտի գործածենք Booktime-ը:
Քուքիները տուեալներու փոքր մասնիկներ են, որոնք համացանցային ձեր դիտարկիչը կը պահէ՝ որոշ կայքերու խնդրանքին ընդառաջելով։ Մենք կրնանք քուքիներ ուղարկել ձեր սարքին՝ երբ գործածէք Booktime-ի բովանդակութիւնը, արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները՝ այդ ծառայութիւնները բարելաւելու եւ զանոնք իւրաքանչիւր օգտատէրի կարիքներուն աւելի յարմարցնելու նպատակով։ Այս Քուքիներու Քաղաքականութիւնը կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ կը գործածենք այդ քուքիները։
Սոյն Քաղաքականութեան մէջ, «քուքիներ» եզրոյթը կ՚ակնարկէ նաեւ այն բոլոր արհեստագիտական միջոցներուն, որոնք, քուքիներու նման՝ կայքէջերէն կամ ե-նամակներէն տեղեկութիւններ կը հաւաքեն (օրինակ՝ համացանցային փարոսները)։ «Booktime-ի Ծառայութիւններ» կամ «Ծառայութիւններ» անուանումները կը վերաբերին մեր բոլոր կայքէջերուն, ե-նամակներուն եւ բջիջային յաւելուածներուն։
Մեր գործածած քուքիները ընդհանրապէս բաղկացած են տեղեկատուական երեք տարրերէ.-
- Քուքիի անունը (որ իւրայատուկ կերպով սահմանուած է իւրաքանչիւր քուքիի համար՝ զայն ստեղծող կայքէջին կողմէ),
- Այն տուեալները, զորս կը հաւաքէ՝ մեր Ծառայութիւններուն վերաբերող ձեր անցեալ գործունէութեան հետեւելու նպատակով,
- Վաւերականութեան ժամկէտը (այսինքն՝ այն ժամանակամիջոցը, որուն աւարտին՝ քուքին ինքնաբերաբար պիտի ջնջուի ձեր սարքէն)։
Քուքիներ Ինչո՞ւ Կը Գործածենք
Մենք քուքիներ կը գործածենք՝ Booktime-ի Ծառայութիւններէն օգտուողներուն աւելի որակեալ փորձառութիւն մը ապահովելու նպատակով։ Քուքիները կրնան գործածուիլ ձեր տուեալները վերականգնելու համար՝ եթէ նախապէս որեւէ սարքի մը վրայ օգտուած էք մեր Ծառայութիւններէն, ձեր գտնուած վայրին համապատասխանող նիւթեր մատուցելու նպատակով (օրինակ՝ յատուկ բովանդակութիւն), ինչպէս նաեւ արձանագրելու Ծառայութիւններու ձեր օգտագործման եղանակը, որ մեզի հնարաւորութիւն կու տայ՝ օգտատիրոջ փորձառութիւնը պահպանելու եւ զայն բարելաւելու։
Ի՞նչ Տեսակի Քուքիներ Կը Գործածենք
Սոյն բաժնին մէջ՝ հակիրճ կերպով պիտի ներկայացնենք մեր Ծառայութիւններուն մէջ օգտագործուած քուքիներու տարբեր տեսակները, ինչպէս նաեւ անոնց գործառութեան կերպերը։
Booktime-ի Ծառայութիւններուն մէջ կիրարկուած քուքիները կարելի է ընդհանուր առմամբ բաժնել հետեւեալ խումբերուն մէջ.-
1. Խիստ Անհրաժեշտ Քուքիներ
Այս քուքիները անհրաժեշտ են՝ օգտատէրերուն մեր Ծառայութիւնները մատուցման համար։ Անոնք օգտատէրերուն հնարաւորութիւն կու տան անցնելու մեր կայքէջերուն ու յաւելուածներուն ընդմէջէն, եւ պաշտպանուած տիրոյթներ մուտք գործելու։ Առանց այդ քուքիներուն՝ չենք կրնար մեր Ծառայութիւնները տրամադրել: Հետեւաբար, զանոնք կիրարկելու համար՝ ձեր արտօնութիւնը խնդրելու կարիք չունինք։
2. Արդիւնաւէտութեան Քուքիներ
Այս քուքիները կը հետեւին մեր Ծառայութիւններուն մէջ օգտատէրերուն կատարած շարժերուն եւ զանոնք գործածելու անոնց ձեւերուն: Օրինակի համար, այս քուքիները կրնան գործածուիլ՝ ստուգելու համար, թէ օգտատէրերը ո՞ր կայքէջերը աւելի յաճախ կ՚այցելեն, կամ՝ արդեօք օգտատէրերը մեր ուղարկած ծանուցումի ե-նամակները կը բանա՞ն, եւ յաւելեալ այլ տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով։
Այս տեղեկութիւնները կապուած չեն անհատ օգտատէրերու հետ, այլ մեզի հնարաւորութիւն կու տան հաւաքաբար դասակարգելու մեր օգտատէրերը՝ տարբեր խումբերու մէջ, որպէսզի կարենանք հասկնալ այդ խումբերէն իւրաքանչիւրին մէջ առկայ յարաբերական համամասնութիւնը։
Մենք այս տեղեկութիւնները չենք փոխանցեր երրորդ կողմերու այնպիսի ձեւերով, որոնք կրնան յանգեցնել օգտատէրերու ինքնութեան բացայայտման։ Այդուհանդերձ, մենք կրնանք քուքիներու այս տուեալները զուգորդել մեր օգտատէրերուն կողմէ տրամադրուած անձնական այլ տուեալներուն հետ (օրինակ՝ երբ անոնք մասնակիօրէն կամ ամբողջութեամբ թղթիկ մը կը լրացնեն), ապահովելու համար, որ մեր հաղորդակցութիւնները պատշաճին մեր օգտատէրերուն։ Այդ քուքիներու կիրարկման համար՝ կը խնդրենք իւրաքանչիւր օգտատիրոջ համաձայնութիւնը։
3. Օգտատիրոջ Փորձառութեան Քուքիներ
Մենք որոշ քուքիներ կը կիրարկենք՝ մեր Ծառայութիւններու գործածութեան մասին տեղեկութիւններ հաւաքագրելու նպատակով։ Այս տեղեկութիւնները կ՚օգտագործենք օգտատիրոջ փորձառութիւնը բարելաւելու համար՝ առաջնահերթութիւն տալով մեր Ծառայութիւններուն մէջ կատարուելիք բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ հասկնալու համար, թէ մեր Ծառայութիւններու ո՛ր բաժինները առաւելագոյնս կ՚օգտագործուին՝ աւելի որակեալ փորձառութիւն մը օգտատէրերուն տրամադրելու նպատակով։
Ծանուցման նպատակներով մեր օգտատէրերուն ուղարկուած ե-նամակները կրնան պարունակել «համացանցային փարոս փիքսըլ» մը, որ կը կիրարկուի՝ ճշդելու համար, թէ արդեօք ե-նամակը բացուա՞ծ է, ինչպէս նաեւ ստուգելու համար, թէ ե-նամակին մէջ ներառուած յղումները կամ գովազդները սեղմուա՞ծ են։
Մենք կրնանք օգտագործել այս տեղեկութիւնները՝ յստակեցնելու համար, թէ ո՛ր նամակները աւելի հետաքրքրական են օգտատէրերուն, ինչպէս նաեւ հարցնելու մեր ե-նամակները չբացող օգտատէրերուն, թէ արդեօք կը փափաքի՞ն զանոնք ստանալ շարունակաբար։
Երբ ե-նամակը ջնջուի՝ «համացանցային փարոսի փիքսըլ»-ը նոյնպէս կը ջնջուի։ Եթէ օգտատէր մը չի փափաքիր, որ տուեալ փիքսըլը ներբեռնուի իր սարքին վրայ, ան պէտք է նամակը ընթերցէ պարզ բնագիրի ձեւաչափով՝ անջատելով պատկերներու ցուցադրութեան կարելիութիւնը։ Այդ քուքիներու կիրարկման համար՝ կը խնդրենք իւրաքանչիւր օգտատիրոջ համաձայնութիւնը։
4. Գործառոյթային Քուքիներ
Այս քուքիները կը կիրարկուին օգտատէրերուն աւելի անձնական փորձառութիւն մը մատուցելու նպատակով, պահպանելով (օրինակի համար) օգտատիրոջ կատարած փոփոխելի յարաչափերու ընտրութիւններու մասին տեղեկութիւնները, ինչպէս՝ լեզուն կամ ընթերցանութեան նախընտրելի մակարդակը։ Այս քուքիներուն միջոցով հաւաքագրուած տեղեկութիւնները կրնան անանուն գոյավիճակ մը ունենալ, եւ քուքիները կարողութիւն չունին ձեր դիտարկման գործունէութիւններուն հետեւելու՝ ա՛յն կայքէջերուն կամ բջիջային յաւելուածներուն վրայ, որոնք ստեղծուած չեն Booktime-ի կողմէ։ Օգտագործելով Booktime-ի Ծառայութիւնները՝ դուք կը համաձայնիք, որ մենք նմանօրինակ քուքիներ տեղադրենք ձեր սարքին վրայ։ Այդ քուքիներու կիրարկման համար՝ կը խնդրենք իւրաքանչիւր օգտատիրոջ համաձայնութիւնը։
5. Վարքագիծը Թիրախաւորող Ծանուցումներու Քուքիներ
Այս քուքիները կը կիրարկուին թիրախաւորուած ծանուցումներ մատուցելու իւրաքանչիւր օգտատիրոջ՝ հիմնուելով անոր օգտագործման տուեալներուն եւ անոր հետաքրքրութիւններուն վրայ։ Այս քուքիները նաեւ կը յիշեն, որ դուք այցելած էք մեր Ծառայութիւնները, եւ այդ տեղեկութիւնը կը գործածեն՝ մեր Ծառայութիւններուն վերաբերող ծանուցումները ձեզի յարմարեցնելու համար՝ այլ կայքէջեր կամ բջիջային յաւելուածներ ձեր այցելութիւններուն ընթացքին։
6. Երրորդ Կողմի Քուքիներ
Եթէ սեղմէք Booktime-ի Ծառայութիւններուն մէջ առկայ որեւէ գերյղում մը, որ ձեզ կ'առաջնորդէ դէպի երրորդ կողմի որեւէ կայքէջ մը՝ դուք կրնաք քուքիներ ստանալ այդ երրորդ կողմի կայքէջերէն։ Երրորդ կողմի կայքէջերը ունին քուքիներու եւ գաղտնիութեան պաշտպանութեան իրենց սեփական քաղաքականութիւնները։ Կը խնդրենք, որ տուեալ երրորդ կողմի կայքէջերը ստուգէք՝ քուքիներու անոնց կիրարկման եղանակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։
Առաւել եւս, Booktime-ի Ծառայութիւններուն մէջ՝ մենք երրորդ կողմի քուքիներ կը կիրարկենք։ Օրինակի համար՝ մենք կրնանք երրորդ կողմի քուքիներ գործածել առցանց գործարքներու ընթացքին՝ զեղծարարութիւնները կանխարգիլելու նպատակով։ Ստորեւ կրնաք գտնել առնչեալ երրորդ կողմերու գաղտնիութեան եւ քուքիներու քաղաքականութեանց յղումները։ Այդ քուքիներու կիրարկման համար՝ կը խնդրենք իւրաքանչիւր օգտատիրոջ համաձայնութիւնը։
Facebook-ի քուքիներու քաղաքականութիւն՝
Google Analytics-ի գործընկեր կայքէջերու քաղաքականութիւն՝
Ինչպէ՞ս Կրնամ Կապ Հաստատել Booktime-ի Հետ
Եթէ որեւէ հարցում ունիք մեր Քուքիներու Քաղաքականութեան մասին՝ հաճեցէք կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով.-
Hindawi Հիմնարկութիւն
York House
41 Sheet Street
Windsor
SL4 1DD
+44 (0) 7778002355
Ե-նամակի հասցէ՝
[email protected]