1. Մեր Մասին
1.1. Hindawi Հիմնարկութիւնը բարեսիրական հաստատութիւն մըն է, որ գրանցուած է Անգլիոյ եւ Կալեսի մէջ՝ 1181788 բարեգործական կազմակերպութեանց թիւով եւ York House, 41 Sheet Street, Windsor, Berkshire, United Kingdom, SL4 1DD հասցէով:
Booktime-ը արտադրութիւն մըն է, տրամադրուած՝ Hindawi Հիմնարկութեան կողմէ: Այս պայմանագրի մնացեալ բաժիններուն մէջ, այդ արտադրութիւններն ու ծառայութիւնները պիտի նշուին մեր «Ծառայութիւններ» անունով: «Պայմաններ եւ Դրոյթներ» փաստաթուղթի մնացեալ մասերուն մէջ, Hindawi Հիմնարկութեան այս արտադրութիւնը նշելու համար՝ պիտի գործածենք Booktime-ը:
2. Սահմանումներ
2.1. Այս Համաձայնագրին մէջ, Booktime-ի կամ «մենք»ի իւրաքանչիւր նշում՝ կը վերաբերի Hindawi Հիմնարկութեան, վերը նկարագրուած կարգավիճակով:
2.2. Մեր «Ծառայութիւններ»ը կը սահմանուին որպէս Booktime-ի առաջարկած բոլոր ծառայութիւնները եւ արտադրութիւնները, կամ անոնցմէ որեւէ մէկը, եւ կը ներառեն բովանդակութիւնն ու արհեստագիտական ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ համացանցային եւ բջիջային յաւելուածները (սակայն չեն սահմանափակուիր միայն անոնցմով):
2.3. Այս փաստաթուղթին մէջ, «դուք»-ի կամ «ձեր»-ի իւրաքանչիւր նշում՝ կը վերաբերի Ծառայութիւններուն հասնող կամ զանոնք գործածող ոեւէ անհատի, եւ կը ներառէ ուսուցիչները, դասատուները, վարչական պատասխանատուները, աշակերտները, ծնողները կամ ոեւէ այլ անձ, որ լիազօրուած հասանելիութիւն ունի Ծառայութիւններուն։
2.4. Այս փաստաթուղթին մէջ, «Օգտատէր»ը կը սահմանուի որպէս Ծառայութիւններէն որեւէ մէկը գործածելու լիազօրութիւն ունեցող ոեւէ անձ մը:
2.5. «Կազմակերպութիւն» կը համարուի որեւէ հաստատութիւն (ինչպէս՝ դպրոց, համալսարան կամ կրթական իշխանութիւն), որ ազատ կամքով կը բաժանորդագրուի Ծառայութիւններուն, եւ պատասխանատու այն անձերը՝ որոնք կը կառավարեն Ծառայութիւններու օգտագործումը (ինչպէս՝ ուսուցիչներ, դասատուներ, վարչականներ կամ օգնականներ):
2.6. «Օգտատէրի Տուեալներ»ը անձնական այն տուեալներն են, որոնք կը վերամշակուին Booktime-ի կողմէ՝ որպէս վերամշակող, կամ ենթավերամշակող՝ յանուն եւ յօգուտ այն Կազմակերպութեան, որուն միջոցաւ դուք բաժանորդագրուած էք Ծառայութիւններուն, կամ՝ անձնական այն տուեալները, որոնք կը վերամշակուին Booktime-ի կողմէ՝ տուեալներու վերահսկողի իր հանգամանքով, եթէ դուք անհատ յաճախորդ էք, որ կը բաժանորդագրուի իր անձին համար, կամ իր խնամակալութեան տակ գտնուող երեխային համար։
2.7. «Տուեալներու Պաշտպանութեան Օրէնքներ» (իրագործուող եւ լրացուցիչ օրէնսդրութիւնը ներառեալ) կը վերաբերի՝
- 1. Միացեալ Թագաւորութեան Տուեալներու Պաշտպանութեան Օրէնքին 2018,
- 2. Միացեալ Թագաւորութեան «Տուեալներու Պաշտպանութեան Ընդհանուր Կանոնակարգին» (UK GDPR):
2.8. «Անվտանգութեան Դէպք»ը կը վերաբերի անվտանգութեան խախտումի մը, որուն պատճառով, պատահական կամ անօրինական ձեւով՝ Օգտատէրի տուեալները կ՚ոչնչացուին, կը կորսուին, կը փոփոխուին, եւ առանց լիազօրութեան կը գաղտնազերծուին կամ ուրիշներուն հասանելի կը դառնան:
2.9. «Տուեալներու վերահսկող», «անձնական տուեալներ», «վերամշակող», «ենթավերամշակող», «տուեալներու ենթակայ» եւ «վերամշակում» եզրոյթներու իմաստները սահմանուած են Տուեալների Պաշտպանութեան Օրէնքներուն մէջ:
3. Booktime-ի Հետ Ձեր Համաձայնագիրը
3.1. Սոյն փաստաթուղթին մէջ նախանշուած է Օգտատիրոջ եւ Booktime-ի միջեւ իրաւական ու պարտադիր համաձայնագիր մը («Համաձայնագիր»), որ կը սկսի գործել այն պահուն, երբ Օգտատէրը առաջին անգամ մուտք կը գործէ Ծառայութիւններէն որեւէ մէկուն մէջ, եւ որուն Օգտատէրը պարտաւոր է ենթարկուելու։ Մեր Ծառայութիւններէն որեւէ մէկը գործածելով՝ Օգտատէրը կը համաձայնի սոյն փաստաթուղթին մէջ նշուած պայմաններուն եւ դրոյթներուն։
3.2. Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը, որուն դուք եւ ձեր Օգտատէրերէն իւրաքանչիւրը պարտաւոր էք ենթարկուելու, եւ կը կարգաւորէ ոեւէ Օգտատիրոջ պատկանող որեւէ տուեալի մեր օգտագործումը՝ հասանելի է հոս՝ Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւն։
3.3. Համաձայնագիրը կը կիրարկուի ամէն անգամ, որ դուք մուտք գործէք որեւէ Ծառայութիւն։ Որեւէ պայման կամ դրոյթ, որ ընդգրկուած է կամ նշուած ձեր կողմէն այլուր ներկայացուած որեւէ նամակագրութեան, պատուէրի կամ փաստաթուղթի մէջ, կամ ակնարկուած է որեւէ կերպով՝ կիրարկելի պիտի չըլլայ։
4. Հասանելիութիւն՝ Booktime-ի Ծառայութիւններուն
4.1. Եթէ դուք Ծառայութիւններ մուտք կը գործէք յանուն Կազմակերպութեան մը եւ անոր Օգտատէրերուն համար, դուք կ՚ընդունիք, որ այդ Կազմակերպութեան լիազօրուած ներկայացուցիչն էք՝ օժտուած Կազմակերպութիւնը սոյն Համաձայնագրի պարտաւորութիւններուն տակ զետեղելու իրաւասութեամբ:
4.2. Դուք պատասխանատու էք հայթայթելու եւ պահպանելու Ծառայութիւններու օգտագործման համար անհրաժեշտ բոլոր ծրագրաւորումները, սարքաւորումները, ցանցի հասանելիութիւնն ու համացանցային կապը:
5. Booktime-ի Ծառայութիւններու Ձեր Գործածութիւնը
5.1. Եթէ դուք Ծառայութիւններ մուտք կը գործէք յանուն Կազմակերպութեան մը, կամ բազմաթիւ Օգտատէրերու համար՝ ապա դուք պատասխանատու էք ապահովելու, որ այդ բոլոր Օգտատէրերը ենթարկուին Համաձայնագրին։ Դուք նաեւ պատասխանատու էք կանխելու ձեր Օգտատէրերուն առանց իրաւասութեան մեր Ծառայութիւններու գործածութիւնը։
5.2. Եթէ կարծէք, որ անվտանգութեան որեւէ խախտում մը կամ առանց իրաւասութեան Ծառայութիւններու այլ գործածութիւն մը տեղի ունեցած է, պէտք է անմիջապէս տեղեակ պահէք Booktime-ը՝ [email protected] հասցէին ե-նամակ մը ուղարկելով։
5.3. Եթէ բանական հիմք ունենանք կասկածելու, որ Ծառայութիւնները կ՚օգտագործուին ձեր, կամ ձեր Օգտատէրերէն ոեւէ մէկուն կողմէ, այս Համաձայնագրով արտօնուած դրոյթներէն դուրս՝ մենք կրնանք կասեցնել եւ դադրեցնել ձեր, ինչպէս նաեւ ձեր Օգտատէրերուն մուտքը Ծառայութիւններ, եւ միւս բոլոր Ծառայութիւնները արգելափակել։ Ասիկա անդրադարձ չ՚ունենար սոյն Համաձայնագրի պայմաններուն տակ մեր ունեցած օրինական իրաւունքներուն վրայ:
6. Մտային Սեփականութեան Իրաւունքներ
6.1. Ծառայութիւն(ներ)ուն ձեր բաժանորդագրութիւնը ստանալէ ետք, Booktime-ը ձեզի անբացարձակ եւ անփոխանցելի արտօնագիր մը պիտի շնորհէ՝ ձեր Համաձայնագրի տեւողութեան ընթացքին համար (ստորեւ նշուած 6.3 Յօդուածի դրոյթներուն համաձայն), որպէսզի ստանաք եւ ցուցադրէք Ծառայութիւններու ծիրէն ներս տրամադրուած նիւթերը («Բովանդակութիւն»)՝ թուային սարքի մը վրայ, ինչպիսիք են խելախօսը կամ համակարգիչի պաստառը, կամ առանձին էջեր թուղթի վրայ տպէք ու զանոնք պահպանէք թուային տարբերակով՝ ձեր Կազմակերպութեան միայն ներքին, ուսումնական եւ ոչ-առեւտրական նպատակներուն համար։ Այս արտօնագիրը մուտքի թոյլտուութիւն պիտի տայ միայն ձեզի, կամ, եթէ բաժանորդագրուած էք բազմաթիւ Օգտատէրերու համար, յօգուտ Կազմակերպութեան մը՝ այն բոլոր Օգտատէրերուն, որոնց դուք մուտքի իրաւունք կը շնորհէք։
6.2. Օգտատէրը կրնայ Բովանդակութեան որեւէ մասը գործածել՝ Կազմակերպութեան տարածքի վրան կամ տան մէջ՝ անհատական ելեքտրական սարքերու օգտագործելով, բացառապէս ներքին կրթական եւ ոչ-առեւտրային նպատակներու համար։
6.3. Ի բացառութիւն կիրարկուած օրէնքի արտօնուած պարագաներուն, Օգտատէրերը պարտաւոր են զերծ մնալ (եւ դուք, եթէ Ծառայութիւններուն կը բաժանորդագրուիք յօգուտ բազմաթիւ Օգտատէրերու՝ պէտք է ապահովէք, որ անոնք զերծ մնան) հետեւեալներէն.-
- Առեւտրային նպատակներով օգտագործել կամ որեւէ ձեւով շահագործել ամբողջ Ծառայութիւնները կամ անոնց որեւէ մասը,
- Գործածել Ծառայութիւններն ու Բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ կամ որեւէ մասով՝ 6.2 Յօդուածին մէջ նկարագրուած ձեւերէն դուրս,
- Ներբեռնել ամբողջ Բովանդակութիւնը կամ անոր որեւէ մասը՝ Ծառայութիւններուն մէջ արտօնուած կերպէն դուրս,
- Ձեւափոխել, պատճէնահանել կամ վերարտադրել Ծառայութիւններն ու Բովանդակութիւնը ամբողջութեամբ կամ որեւէ մասով, բացառութեամբ այն պարագաներուն, երբ այդ մէկը յստակօրէն թոյլատրուած է Ծառայութիւններուն մէջ,
- Մասնատել, ապածրագրաւորել կամ հակադարձ ճարտարագիտութեան ենթարկել ամբողջ Ծառայութիւնները կամ անոնց որեւէ մասը,
- Բովանդակութեան որեւէ մասը վերաբաշխել,
- Ձեւով մը Բովանդակութիւնը հասանելի դարձնել որեւէ երրորդ կողմի մը,
- Հեռացնել որեւէ ապրանքանիշ, հեղինակային իրաւունքի նշան կամ այլ նշում՝ Ծառայութիւններու որեւէ մասի վրայէն,
- Օգտագործել կայքը՝ շղթայական ե-նամակներ, սփամ (spam) կամ փոսթաղբ (junk) ուղարկելու համար,
- Խանգարել կամ խոչընդոտել Booktime-ի կայքը, կամ անոր հետ առնչուած Ծառայութիւններէն որեւէ մէկը,
- Ներմուծել որեւէ ժահր կամ այլ վնասաբեր գործօններ՝ Booktime-ի կայքին վրայ, կամ անոր հետ առնչուած Ծառայութիւններէն որեւէ մէկուն մէջ,
- Իրենց գաղտնաբառը ոեւէ այլ անձի տալ,
- Արտօնել, որ իրենց մուտքի տուեալները ուրիշները գործածեն։
Իւրաքանչիւր Օգտատէր կը կրէ իր մուտքի տուեալներուն պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ պատասխանատու է այդ տուեալներու որեւէ օգտագործման համար:
6.4. Դուք կ՚ընդունիք, որ Ծառայութիւններուն մէջ գործածուած բոլոր տարբերանշանները, ապրանքանիշերը եւ արտադրութիւններու անունները՝ ապրանքանշաններ են, եւ դուք չէք կրնար զանոնք որեւէ նպատակի համար գործածել:
7. Գաղտնիութեան Պահպանում
7.1. Մեր Ծառայութիւնները ձեզի տրամադրելու ընթացքին՝ պէտք պիտի ունենանք խորհրդապահական բնոյթի տուեալներ ձեզմէ ստանալու, եւ նոյն տեսակի տուեալներ պիտի փոխանցենք ձեզի։ Դուք կ՚ընդունիք, որ մեր փոխանցած նման բոլոր տուեալները գաղտնի պիտի պահէք: Մենք՝ նոյնպէս կ՚ընդունինք, որ ձեր փոխանցած բոլոր տուեալները գաղտնի պիտի պահենք: Իւրաքանչիւր կողմ կը համաձայնի գաղտնի տուեալները բացայայտել միայն իր ա՛յն աշխատակիցներուն եւ ենթապայմանագրային կազմակերպութիւններուն (իսկ, Booktime-ի պարագային՝ իր գործընկեր կազմակերպութիւններուն), որոնք պէտք է զանոնք իմանան՝ սոյն Համաձայնագրի դրոյթները կատարելու համար։ Իւրաքանչիւր կողմ պարտաւոր է գործադրել բանական բոլոր ջանքերը՝ ապահովելու համար, որ այդ աշխատակիցները, ենթապայմանագրային կազմակերպութիւններու պաշտօնեաները եւ ներկայացուցիչները կ՚ենթարկուին այս սահմանափակումներուն։
8. Տուեալներու Պաշտպանութիւն
8.1. Տուեալներու Պաշտպանութեան սոյն բաժինը, որ նախանշուած է 8.1-էն 8.7 յօդուածներուն մէջ, պիտի չկիրարկուի ձեր պարագային, եթէ դուք անհատ յաճախորդ էք, որ բաժանորդագրուած է Ծառայութիւններուն իր անձին կողմէ, կամ իր խնամակալութեան տակ գտնուող երեխային անունով։ Եթէ դուք այդ տեսակի յաճախորդ էք՝ կը խնդրենք, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար՝ կարդաք մեր Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը - Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւն։ Սոյն բաժինը կիրարկելի է՝ եթէ դուք մուտք կը գործէք կամ հասանելիութիւն ունիք՝ յանուն Կազմակերպութեան մը։
8.2.1. Անմիջապէս յաջորդ պարբերութեան բովանդակութեան համաձայն՝ այս Համաձայնագրի բոլոր կողմերը կ՚ընդունին, որ.-
- 1. Այս Համաձայնագրի նպատակներու ծիրէն ներս, Կազմակերպութիւնը կը հանդիսանայ, կամ պէտք է դիտարկուի որպէս՝ Օգտատիրոջ Տուեալներու վերահսկող մը, իսկ Booktime-ը կը հանդիսանայ, կամ պէտք է դիտարկուի որպէս՝ Օգտատիրոջ Տուեալներու վերամշակող մը։
- 2. Կազմակերպութիւնը, որպէս վերահսկող՝ պիտի կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Տուեալներու Պաշտպանութեան Օրէնքներուն համաձայն, եւ Booktime-ը, որպէս վերամշակող՝ պիտի կատարէ իր պարտաւորութիւնները՝ Համաձայնագրին մէջ սահմանուած կարգով։
8.2.2. Կազմակերպութիւնը՝ յանձնարարութիւններ կու տայ Booktime-ին, եւ Booktime-ը կը համաձայնի վերամշակել Օգտատիրոջ Տուեալները՝ Ծառայութիւնները մատուցելու նպատակով, սոյն Համաձայնագրին մէջ սահմանուած կարգով։
8.3. Ընդառաջելով որեւէ երրորդ կողմի մը մուտքի կամ տուեալներու բացայայտման խնդրանքին՝ Booktime-ը Օգտատէրերու որեւէ Տուեալ պիտի չբացայայտէ՝ առանց նախապէս Կազմակերպութեան գրաւոր համաձայնութիւնը ստացած ըլլալու, բացի այն պարագաներուն՝ երբ պարտադրուած կ՚ըլլայ այդ քայլին դիմելու՝ կիրարկելի օրէնքներուն ենթարկուելու համար, կամ այլապէս՝ այս Համաձայնագրի մէջ արտօնուած կարգով:
8.4.1. Դուք կ՚ընդունիք, որ Booktime-ը անմիջապէս տեղեակ պիտի պահէք՝ ձեր հաշիւի կամ գաղտնաբառի որեւէ չարտօնուած օգտագործման դէպքի մասին, կամ ձեր Կազմակերպութեան հետ առնչուած որեւէ Օգտատիրոջ հաշիւին վերաբերող անվտանգութեան որեւէ այլ խախտման պատահարներուն մասին։
8.4.2. Booktime-ը բանական քայլերու պիտի ձեռնարկէ՝ Անվտանգութեան որեւէ Միջադէպ վերացնելու կամ զայն մեղմացնելու համար:
8.4.3. Անվտանգութեան Միջադէպի կառավարման եւ պարտաւորութիւններու կատարման հետ առնչուած բոլոր ծախսերը պիտի կրէ Կազմակերպութիւնը՝ եթէ Անվտանգութեան Միջադէպը տեղի ունենայ Կազմակերպութեան կողմէ Համաձայնագրով սահմանուած պարտաւորութիւնները չկատարելու պատճառով, կամ երբ միջադէպը տեղի ունենայ Կազմակերպութեան Օգտատէրերու կողմէ՝ իրենց հասանելի Ծառայութիւններուն վերաբերող Համաձայնագրի դրոյթները չյարգելու հետեւանքով։
8.4.4. Կազմակերպութիւնը առանձինը կը կրէ իր Օգտատիրոջ Տուեալներուն հետ առնչուած միջադէպերու իրազեկման վերաբերող որեւէ օրէնքի ենթարկուելու պատասխանատուութիւնը, եւ Անվտանգութեան Միջադէպերու հետ առնչուած՝ երրորդ կողմի իրազեկման իմաստով որեւէ պարտաւորութիւն կատարելու պատասխանատուութիւնը։
8.4.5. Booktime-ի իրազեկումը կամ անոր արձագանգը այս յօդուածի ծիրէն ներս՝ պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս տուեալ Անվտանգութեան Միջադէպին նկատմամբ Booktime-ի կողմէն որեւէ մեղքի կամ պատասխանատուութեան ընդունում մը:
8.4.6. Դուք կը կրէք անվտանգութեան պատշաճ համակարգերու տեղադրման ու անոնց պահպանման պատասխանատուութիւնը (ներառեալ, բայց ոչ սահմանափակուած՝ հակաժահրային պաշտպանութեամբ) բոլոր այն սարքերուն վրայ, որ դուք պիտի գործածէք, կամ ձեր Կազմակերպութեան բոլոր Օգտատէրերը պիտի գործածեն՝ Ծառայութիւններ մուտք գործելու համար։ Դուք նաեւ պատասխանատու էք ձեր Booktime-ի հաշիւի գաղտնաբառի պահպանման ու գաղտնիութեան համար, ինչպէս նաեւ ձեր Կազմակերպութեան միւս բոլոր Օգտատէրերու հաշիւներու գաղտնաբառերու պահպանման եւ գաղտնիութեան համար։
8.5. Կազմակերպութիւնը կ՚արտօնէ, որ Booktime-ը երրորդ կողմերու հետ աշխատի՝ Կազմակերպութեան Օգտատիրոջ Տուեալները վերամշակելու համար, պայմանաւ՝ որ Booktime-ը սահմանէ տուեալներու պաշտպանութեան այնպիսի պայմաններ, որոնք համարժէք են սոյն Համաձայնագրով նախատեսուած չափանիշներուն։
8.6. Կազմակերպութիւնը կ՚ընդունի, որ Booktime-ը իրաւունք պիտի ունենայ փոխանցելու եւ վերամշակելու Կազմակերպութեան Օգտատիրոջ Տուեալները՝ Եւրոպական Տնտեսական Տարածքի սահմաններէն ներս։ Կազմակերպութիւնը նաեւ իր համաձայնութիւնը կու տայ իր Օգտատիրոջ Տուեալներու փոխանցման եւ/կամ վերամշակման առումներով՝ Եւրոպական Տնտեսական Տարածքէն դուրս, այն պայմանով, որ փոխանցումը կատարուի արտօնեալ մեքենականութիւններէն մէկուն միջոցաւ, որոնք նախատեսուած են Տուեալներու Պաշտպանութեան Օրէնքներուն մէջ:
8.7. Կազմակերպութիւնը բացայայտօրէն համաձայն է, որ Համաձայնագրի գործադրութեան ընթացքին եւ անոր աւարտէն ետք՝ կրթական ուսումնասիրութիւններու, արտադրութիւններու եւ ծառայութիւններու զարգացման, կամ որեւէ այլ յարակից նպատակներու համար՝ Booktime-ը կրնայ գործածել եւ բացայայտել Կազմակերպութեան Օգտատիրոջ Տուեալները, ջնջելէ ետք ոեւէ անհատի ինքնութիւնը ուղղակիօրէն բացայայտող յատկանիշները։ Ինքնութիւն չբացայայտող նման տուեալները՝ չեն համարուիր Օգտատիրոջ Տուեալներ:
9. Երաշխիքներ
9.1. Մենք կ՚երաշխաւորենք, որ ունինք լիակատար իրաւունք եւ լիազօրութիւն՝ կնքելու սոյն Համաձայնագիրը, եւ բանական կարողութիւններ ու խնամատարութիւն պիտի գործածենք՝ ձեր Համաձայնագրի ներքոյ մեր պարտաւորութիւնները կատարելու համար:
9.2. Մենք որեւէ այլ երաշխիքներ չենք տրամադրեր Ձեզի կամ ձեր Օգտատէրերուն։ Բոլոր այլ երաշխիքները, պայմանները, կամ համազօր ներգործութիւն ունեցող հաւաստիացումները, որոնք օրէնքով կրնան ենթադրուիլ՝ բացառուած են օրէնքի թոյլատրած չափով, ներառեալ՝ որակի գոհացուցիչ ըլլալու կամ որոշ նպատակներու յարմար ըլլալու վերաբերող որեւէ երաշխիք։
9.3. Booktime-ի ոեւէ ներկայացուցիչ որեւէ այլ հաւաստիացում, երաշխիք, պայման կամ դրոյթ լիազօրուած չէ տալու կամ կատարելու։ Booktime-ի ոեւէ ներկայացուցիչ չի կրնար 9-րդ Յօդուածին մէջ տրուած երաշխիքները որեւէ կերպ փոխել։
10. Պատասխանատուութեան Սահմանափակում
10.1. Booktime-ը պատասխանատու պիտի չըլլայ որեւէ տուեալի կորուստի, շահոյթի կորուստի կամ վարչական ժամանակի վատնումի համար՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ անոնք յառաջացած են Համաձայնագրէն բխած ուղղակի կամ անուղղակի վնասէն:
10.2. Booktime-ը պատասխանատու չէ որեւէ յատուկ, անուղղակի, հետեւանքային կամ պատահական վնասի համար (գործածութեան կասեցման պատճառով յառաջացած վնասները ներառեալ) որոնք կը յառաջանան Համաձայնագրէն, եւ որեւէ ձեւով արդիւնք են ձեր (կամ ձեր Օգտատէրերուն) Ծառայութիւններու գործածութեան (կամ զանոնք գործածելու անկարողութեան), կամ Ծառայութիւնները օգտագործելու հետեւանքով կատարուած (կամ չկատարուած) գործողութեանց:
10.3. Դուք կ՚ընդունիք, որ մենք ոչ մէկ պատասխանատուութիւն կը կրենք ձեր, կամ ձեր Օգտատէրերուն կրած որեւէ տուժումի կամ վնասի համար, եւ կամ ձեր, կամ ձեր Օգտատէրերուն հանդէպ ներկայացուած որեւէ պահանջի համար, որ կը յառաջանայ ձեր, ձեր Օգտատէրերէն ոեւէ մէկուն, կամ ձեր Համաձայնագրի պայմաններուն մէջ նշուած այլ անձանց՝ առանց իրաւասութեան Ծառայութիւններ մուտքէն։
10.4. Որեւէ կողմի պատասխանատուութիւնը որեւէ կերպ սահմանափակուած չէ՝ երբ մահ կամ անձնական վնասուածք կը յառաջանայ այդ կողմի անփութութեան, կամ խարդախութեան ու խաբեբայական խեղաթիւրման պատճառով, կամ որեւէ այլ պատասխանատուութեան համար, որ չի կրնար բացառուած կամ սահմանափակուած ըլլալ՝ ըստ կիրարկուած օրէնքներուն։ Այդ պարագաներուն՝ 10.1-էն 10.3 յօդուածները կիրարկելի չեն ըլլար։
10.5. Դուք պէտք է անմիջապէս Booktime-ը տեղեակ պահէք՝ Ծառայութիւններուն հետ առնչեալ ձեր ստացած երրորդ կողմի որեւէ պահանջի մասին, եւ պարտաւոր էք ենթարկուելու նման պահանջի մը հետ առնչուած Booktime-ի բանական խնդրանքներուն։
11. Դադարեցում եւ Չեղարկում
11.1. Ձեր Համաձայնագրի եւ որեւէ բաժանորդագրութեան թուականը կը սկսի այն օրէն, երբ մենք կ՚ընդունինք մեր Ծառայութիւններուն համար ձեր կատարած պատուէրը, ու այդ թուականէն սկսեալ՝ անոնք կը շարունակուին, ձեր բաժանորդագրուած Ծառայութեան (կամ Ծառայութիւններուն) վրայ նշուած ժամանակաշրջանի տեւողութեան համար։ Ձեր պատուէրի հաստատումը կը ստանաք՝ մեր Ծառայութիւններ մուտքի իրաւասութիւնը ձեռք ձգելով։
Համաձայնագիրը ինքնաբերաբար պիտի դադրեցուի բաժանորդագրութեան ժամկէտի աւարտին։
11.2. Դուք առանձին կը կրէք, որպէս ձեր անձնական անունով կամ Կազմակերպութեան մը կողմէ Ծառայութիւններուն բաժանորդագրուած անձ՝ խնդրելու նորոգութիւնը այն Ծառայութիւններուն, որոնք ինքնաբերաբար չեն նորոգուիր, Ծառայութիւններու շարունակական հասանելիութիւնը պահպանելու նպատակով։
11.3. Կողմերէն իւրաքանչիւրը (դուք կամ մենք) կրնայ դադրեցնել սոյն Համաձայնագիրը՝ միւս կողմը գրութեամբ մը տեղեկացնելով, եթէ միւս կողմը էականօրէն խախտէ սոյն Համաձայնագրի դրոյթներէն որեւէ մէկը, եւ չկարենայ վերացնել (եթէ ունի զայն վերացնելու կարողութիւնը) այդ խախտումը՝ անոր մասին տեղեկութիւն ստանալէ 14 տոմարի օր ետք։
11.4. Մենք կրնանք անմիջապէս դադրեցնել Համաձայնագիրը, եթէ կարծենք՝ որ տեղի ունեցած է, կամ կայ, անվտանգութեան խախտում մը, կամ եթէ դուք, կամ ձեր Օգտատէրերը Համաձայնագրի պայմաններուն չէք ենթարկուիր:
11.5. Մենք կրնանք դադրեցնել ձեր Համաձայնագիրը՝ 30 տոմարի օրեր առաջ (կամ աւելի կարճ ժամկէտով, առեւտրական հարկադրանքներու առկայութեան պայմաններու տակ) ձեզ տեղեակ պահելով, եթէ ընդհատենք Ծառայութիւններու մատուցումը։
11.6. Համաձայնագրի վաւերականութեան աւարտին կամ անոր դադրեցման պարագային, Booktime-ը 30 տոմարի օրուան ժամանակահատուածի մը համար պիտի պահէ ձեր Կազմակերպութեան Օգտատէրերու Տուեալները, որմէ ետք մենք կրնանք մասնակիօրէն կամ ամբողջութեամբ ջնջել այդ տուեալները:
11.7. Համաձայնագրի վաւերականութեան աւարտին կամ անոր դադրեցման պարագային՝ կը դադրի Ծառայութիւնները օգտագործելու ձեր արտօնագիրը եւ անոր մուտքի իրաւունքը։ Դուք եւ ձեր Օգտատէրերը պէտք է ջնջէք որեւէ Բովանդակութիւն, որ դուք կամ անոնք ներբեռնած էք՝ բոլոր այն ծառայիչներէն կամ սարքերէն, որոնց մէջ ան կրնայ ներբեռնուած ըլլալ։ 6-րդ, 7-րդ, 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ, 11-րդ եւ 13-րդ յօդուածներու դրոյթները ուժի մէջ պիտի մնան ձեր Համաձայնագրի որեւէ տեսակի դադրեցումէն կամ ժամկէտի աւարտէն ետք:
12. Փոփոխութիւններ եւ Թարմացումներ
12.1. Մենք կը վերապահենք իրաւունքը, մեր բացարձակ հայեցողութեան տակ՝ փոփոխութիւններ կատարելու Ծառայութիւններու որեւէ մասին կամ անոր ամբողջութեան մէջ, պայմանաւ՝ որ այդ փոփոխութիւնները էականօրէն չպակսեցնեն Բովանդակութիւնը, կամ չնուազեցնեն մեր Ծառայութիւններու առնչական բաժիններու աշխատանքը այն որոշ «ընդհատման ժամանակէն» դուրս, որուն մասին Booktime-ը նախօրօք տեղեակ պիտի պահէ ձեզ կամ ձեր Կազմակերպութիւնը։
12.2. Ձեր Համաձայնագրի վաւերական տեւողութեան ընթացքին, եթէ ձեր բաժանորդագրուած Ծառայութիւններէն որեւէ մէկը փոխարինենք տարբեր ծառայութիւնով մը կամ արտադրութեամբ մը՝ ձեզ առնուազն 10 տոմարի օր առաջ տեղեակ կը պահենք, եւ կ՚արտօնենք, որ Համաձայնագիրը դադրեցնէք։ Եթէ որոշէք զայն չդադրեցնել, մենք կրնանք ձեզ տեղափոխել դէպի այդ փոխարինող արտադրութիւնը կամ ծառայութիւնը՝ ձեր պայմանագրային ժամանակի մնացեալ տեւողութեան ընթացքին համար։
12.3. Booktime-ը կը վերապահէ ձեր Համաձայնագրի պայմանները փոխելու իրաւունքը՝ 30 տոմարի օրեր առաջ ձեզ տեղեակ պահելով։ Փոփոխուած պայմանները կը կիրարկուին այդ ծանուցագրին մէջ նշուած ժամկէտի աւարտին։ Կրնաք դադրեցնել նորացուած համաձայնագիրը՝ յաւելեալ 30 տոմարի օրեր առաջ համապատասխան տեղեկութիւն փոխանցելով։
13. Ընդհանուր եւ Զանազանք
13.1. Կողմերէն ոչ մէկը պատասխանատուութիւն պիտի կրէ սոյն Համաձայնագրով իր ստանձնած համապատասխան պարտաւորութիւններուն ամբողջացման մէջ որեւէ ձախողութեան կամ ուշացումին համար, եթէ այդ ձախողութիւնը կամ ուշացումը արդիւնք է որեւէ պատճառի կամ պարագայի, որ դուրս է կողմերու բանական վերահսկողութենէն՝ ներառեալ, բայց չսահմանափակուած հետեւեալներով.- հրդեհ, պատերազմ, խռովութիւն, յանցագործութիւն, համաճարակ, բնական աղէտ, հոսանքի ընդհատում, համացանցի խափանում, անվտանգութեան խախտում եւ «Անյաղթահարելի Ուժ» (Force Majeure)։ Մենք կրնանք դադրեցնել Համաձայնագիրը եւ որեւէ Ծառայութիւն ընդհատել՝ Անյաղթահարելի Ուժի գոյութեան պարագային։
13.2. Դուք չէք կրնար փոխանցել կամ զիջիլ ձեր Համաձայնագիրի ներքոյ ձեր իրաւունքները կամ պարտաւորութիւնները՝ առանց մեր նախապէս արտայայտուած գրաւոր համաձայնութեան: Մենք կրնանք որեւէ պահու փոխանցել կամ զիջիլ ձեր համաձայնագիրի ներքոյ մեր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները՝ որեւէ երրորդ կողմի մը:
13.3. Սոյն Համաձայնագիրը (ներառեալ Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւնը) կը ներկայացնէ ամբողջական համաձայնութիւնը ձեր եւ Booktime-ի միջեւ՝ անոր նիւթին հետ առնչուած։ Դուք կը հաստատէք, որ չէք յենուած սոյն Համաձայնագրէն դուրս որեւէ խօսքի կամ արտայայտութեան վրայ, որ ձեզ մղած է կնքելու այդ Համաձայնագիրը․ Սակայն, ասիկա կողմերէն որեւէ մէկը պատասխանատուութենէ զերծ չի կացուցեր՝ խարդախութեամբ կատարուած նախապայմանագրային որեւէ խօսքի կամ արտայայտութեան առնչութեամբ։
13.4. Եթէ սոյն Համաձայնագրի որեւէ դրոյթ անվաւեր նկատուի իրաւասու որեւէ դատարանի մը կողմէ, այդ դրոյթի անվաւերութիւնը պիտի չազդէ սոյն Համաձայնագրի մնացեալ դրոյթներու վաւերականութեան վրայ, որոնք կը մնան կիրարկելի եւ լիակատար իրաւական ուժի մէջ։
13.5. Եթէ Դուք կամ Booktime-ը սոյն Համաձայնագրով նախատեսուած որեւէ իրաւունք կամ միջոց չկիրարկէք՝ չի նշանակեր, որ հրաժարած էք այդ իրաւունքէն կամ միջոցէն։
13.6. Կողմերուն միջեւ սոյն Համաձայնագրով հաստատուած կապը՝ անկախ գործառուներու յարաբերութիւն մըն է, եւ ոչ թէ աշխատավարձով աշխատանքի, գործընկերային, առանձնաշնորհեալ արտօնագրային, համատեղ ձեռնարկութեան կամ նմանատիպ որեւէ այլ յարաբերութիւն։ Կողմերէն իւրաքանչիւրը իր գործը պիտի վարէ սեփական նախաձեռնութեամբ, պատասխանատուութեամբ ու ծախսերով, եւ որեւէ լիազօրութիւն պիտի չունենայ՝ Համաձայնագրի միւս կողմին անունով պարտաւորութիւններ ստանձնելու։
13.7. Սոյն Համաձայնագրի ծիրէն ներս, կողմերէն որեւէ մէկը կրնայ միւսին որեւէ ծանուցագիր մատուցել առաջին կարգի փոստով՝ ուղղուած Համաձայնագրի մէջ նշուած անոր հասցէին, կամ ե-նամակով՝ այն հասցէին, որ տուեալ կողմը կը փոխանցէ ժամանակ առ ժամանակ։ Փոստով ուղարկուած որեւէ ծանուցագիր մատուցուած կը համարուի՝ ուղարկման թուականի յաջորդող աշխատանքային առաջին օրուան թուականին։ Ե-նամակով ուղարկուած որեւէ ծանուցագիր ճիշդ ձեւով ուղարկուած կը համարուի՝ փոխանցման թուականին, եթէ զայն ստանալու հաստատումը ուղարկուած ըլլայ։
13.8. Ոեւէ անձ, որ սոյն Համաձայնագրին մէջ կողմ չէ, որեւէ իրաւունք պիտի չունենայ որեւէ պայման պարտադրելու՝ 1999 թուականի «Համաձայնագիրերու (Երրորդ Կողմերու Իրաւունքներու) Մասին Օրէնք»-ի հիման վրայ:
13.9. Ձեր Համաձայնագիրը պիտի կառավարուի եւ մեկնաբանուի Անգլիական օրէնքի համաձայն՝ առանց նկատի առնելու անոր ընդգրկած օրէնսդրական հակասութիւնները։ Դուք կը համաձայնիք, որ Անգլիոյ դատարանները պիտի ունենան բացարձակ իրաւասութիւն՝ լուծելու որեւէ վէճ, որ կրնայ բխիլ ձեր Համաձայնագիրէն, անոր հիման վրայ կամ առնչուած ըլլալ անոր հետ, կամ յառաջանալ այդ Համաձայնագրով հաստատուած իրաւական յարաբերութեան պատճառով, եւ այդ նպատակով՝ դուք բոլոր վէճերը անդառնալիօրէն կը ներկայացնէք անգլիական դատարաններու իրաւասութեան։ Այսուամենայնիւ, Booktime-ը կրնայ ձեր դէմ դատական հայց ներկայացնել՝ նաեւ ձեր բնակութեան վայրին մէջ գործող դատարաններուն առջեւ։
13.10. Կը համարենք, որ օրէնսդրական որեւէ դրոյթի որեւէ յղում՝ պիտի ներառէ նաեւ այդ դրոյթի հետ առնչուած յետագայ որեւէ վերաօրինարկութիւն կամ փոփոխութիւն։
Ինչպէ՞ս Կրնամ Կապ Հաստատել Booktime-ի Հետ
Եթէ որեւէ հարցում ունիք մեր Պայմաններուն եւ Դրոյթներուն մասին՝ հաճեցէք կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով.-
Hindawi Հիմնարկութիւն
York House
41 Sheet Street
Windsor
SL4 1DD
+44 (0) 7778002355
Ե-նամակի հասցէ՝
[email protected]